Աշխարհ

26.02.2011 09:55


Միևնույն թուրքերը

Միևնույն թուրքերը

Բաքվի և Սումգայիթի հայկական ջարդերը նշող օրերը այս տարի թե՛ պետական քաղաքականության և թե՛ հասարակական մոտեցումներով նկատառելի նորություն արձանագրեցին։ Խոսքը դեպքերին քաղաքական գնահատականներ տալու և քարոզչաքաղաքական գործողություններ ձեռնարկելու մասին է։

Կարելի է մտածել անշուշտ, որ հայկական կողմի այս առումով արձանագրած աշխուժացման մէջ դերակատար եղաւ հակառակորդ կողմը։ Ազրպէյճանական ապատեղեկատուութիւնը իրե՛նց իսկ կազմակերպած եւ գործադրած ջարդերուն մասին եւ տակաւին՝ Խոջալուն իբրեւ ազրպէյճանական ցեղասպանութիւն ներկայացնելու յատուկ քաղաքականութիւնը հաւանաբար պատճառ դարձան, որ հայկական կողմը աւելի կազմակերպ դիմագիծով ներկայանայ տեղեկատուութիւն-ապատեղեկատուութիւն բախումնային դաշտ։

Փաստօրէն, նոր կայքէջերու ձեռնարկումները, Սումգայիթը բացայայտող տեսաշարերու հրապարակումները, նոր նիւթերու թողարկումները, փաստավաւերագրական աշխատութիւններու օտար մամուլին յղումը եւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներու այս առումով կատարած յայտարարութիւնները եկան ամբողջացնելու քարոզչաքաղաքական գործողութիւններու համապատկերը։

Սումգայիթեան ջարդերուն անպատիժ մնալը, Պաքուի հայերուն բռնագաղթը, տեղահանումները, Նախիջեւանի հայկական կոթողներու ոչնչացման պետական քաղաքականութիւնը հիմնադրոյթներն են այն գործողութիւններու շարքին, որ պաշտօնական Պաքուն ձեռնարկած է միաժամանակ հայկական կողմը միջազգային հանրային կարծիքին ներկայացնելով իբրեւ ջարդարար, իբրեւ նախայարձակ եւ ազրպէյճանական տարածքներ բռնագրաւող։

Ադրբջանական այս հարձակումներուն դէմ ինքնապաշտպանուելու համար նախ անհրաժեշտ էր անշուշտ փաստարկներով զինուիլը՝ նիւթ, տեսանիւթ, վկայութիւն, յուշագրութիւն, միջազգային մամուլի օրուան անդրադարձներ ապահովելը եւ ապա՝ թէկուզ ամենաբարբարոս տեսարանները պարզող տեսաշարով աշխարհին ներկայանալը։

Այս բոլորը պատրաստուեցան Ստեփանակերտի եւ Երեւանի մէջ։ Սփիւռքը հայրենական բազկերակին համընթաց բաբախեց։ Օթթաուայի եւ Աթէնքի մէջ բողոքի ցոյցեր, Անթիլիասի մէջ ոգեկոչում եւ ձեռնարկ եկան միանալու հայկական կողմի կազմակերպած քարոզչաքաղաքական գործողութիւններու ընդհանուր շղթային։

Սումգայիթի դատապարտումին տակաւ կը միանան օտար քաղաքական դէմքեր։ Հանրային կարծիքի ձեւաւորման գործընթացին վրայ ազդելու այս քայլերը խորքին մէջ ազրպէյճանական ապատեղեկատուական արշաւը չէզոքացնելու կը միտին։ Եւ այս առումով այս տարի  նկատառելի առաւելներ յայտնուած են հայկական կողմին համար։

Հարցը հոս կանգ չ՛առներ անշուշտ։ Հակառակորդը կը նախապատրաստուի յառաջիկայ ամիս նոր գրոհի դիմելու։ Պաշտօնական Պաքուն իր պետական քարոզչամեքենայով կը ձեռնարկէ Խոջալուի ապետեղակատուական հերթական արտադրողականութեան։ «Լաւագոյն ինքնապաշտպանողականը յարձակողականութիւնն է» մարտավարական սկզբունքներէն մեկնելով փոխանակ վաղը հակազդելու, հերքելու,ճշդելու, այժմէն Խոջալուի պատահարներուն ճիշդ իրողութիւնը պէտք է սեփականութիւնը դարձնել զանգուածային լրատուամիջոցներուն եւ անոնցմէ առաջ քաղաքական տարբեր շրջանակներուն։ Յատկապէս այն շրջանակներուն, որոնք թիրախ ընտրուած են ազրպէյճանական ապատեղեկատուական կեդրոններուն կողմէ։

Այս բոլորին նպատակը ի վերջոյ միջազգային հանրային կարծիքը լուսաբանել է։ Փաստելու համար պարազապէս, որ Սումգայիթ սարքողները, Պաքուի ջարդերը իրականացնողները, Պուտափեշտի մէջ կացին գործածողները կամ Նախիջեւանի մէջ հայկական հետքերը ոչնչացնողները միեւնոյն ռազմատենչ հռետորներն են, նոյն հրադադար խախտողները։ Միեւնոյն թուրքերը։

Շահան Գանտահարեան

«Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր

Այս խորագրի վերջին նյութերը