Աշխարհ

03.08.2011 13:56


Ալեքսանդր Ենիգոմշյանի խոսքը դատարանի դահլիճում (Հունվար,1981թ.)

Ալեքսանդր Ենիգոմշյանի խոսքը դատարանի դահլիճում (Հունվար,1981թ.) Երբ Հայկական հարց կ’ըսուի, երբեմն կը յիշուին 19-րդ դարու վերջերը եւ մանաւանդ 20-րդ դարու սկիզբը գործադրուած ջարդերը, որոնց զոհը եղան հայերը: 1975թ., 60-րդ տարին Հայկական ցեղասպանութեան: Նոր հաշուեյարդարի տարի մը: Արդիւնքը… միշտ ոչինչ: Զերօ: Դէպի ետեւ: Թուրքիան կ’ուրանար միշտ Հայկական հարցին գոյութիւնը: Իսկ աշխարհը չէր ուզեր լսել ո°չ հայերուն, ո°չ ալ Հայաստանի մասին: Տնտեսական եւ ռազմագիտական շահերը նախընտրուեցան ժողովուրդի մը արդար իրաւունքներէն: Վաթսուն տարի սպասելէ ետք, վաթսուն տարի ջանքեր թափելէ ետք եւ խաղաղօրէն պայքարելէ ետք, այսքան տարիներ խոնարհեցումէ ետք, հայ ժողովուրդը վերջապէս հասկցաւ, որ ոչինչ իրեն կը տրուի ձրիաբար, ան հասկցաւ, որ եթէ կ’ուզէր վերադարձնել իր արդար իրաւունքները, ան պէտք էր վճարեր իր արիւնով: Եւ hայկական պայքարող կազմակերպութիւնները ստեղծուեցան: Մեր ժողովուրդին պատմութիւնը, յատկապէս այս վերջին վաթսուն տարիներու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ փորձառութիւնը միւս ընկճուած ժողովուրդներուն, աշխարհի բոլոր կողմերը փաստեցին, որ զինեալ պայքարը կը մնայ կարեւորագոյն միջոցը վերադարձնելու համար մեր արդար իրաւունքները: Եւ մենք դիմեցինք զինեալ պայքարին: Այսօր մեզ կ’ամբաստանեն իբր տեռորիստ-ահաբեկիչներ, բայց տեռորիստ բառը ի±նչ նշանակութիւն ունի: Ինծի համար տեռորիստը այն անձն է, որ իր գործով նպատակ ունի վախեցնելու: Մենք նպատակ չունինք վախ ազդելու: Մենք ահաբեկիչներ չենք: Մենք ֆաշիստներ չենք: Մենք կը պայքարինք մեր դատին համար եւ մեր իրաւունքներուն համար: Կ’ընդունիմ այս դատապարտութիւնը հպարտութեամբ եւ իսկոյն կ’աւելցնեմ, որ կայ երկու ձեւի բռնութիւն: Կայ բռնութիւն ճնշողին կողմէ եւ կայ բռնութիւն ճնշուողին կողմէ: Այդ բռնութիւնը, որ մենք կը գործածենք ճնշուողինն է: Եթէ շարունակենք ծռել մեր գլուխները ճնշումներու առջեւ ու նուաստանանք, այն ատեն` իբր ժողովուրդ, իրաւունք չունինք ապրելու: Սակայն մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ կ’ուզէ ապրիլ, եւ ոչ ոք կրնայ մեզ արգիլել, մեր իրաւունքն է բիրտ ուժին դիմելը, այն ժամանակէն ի վեր, երբ հարցին լուծում մը գտնելու բոլոր խաղաղ միջոցները գոցուեցան: Աւելին կրնամ ըսել: Եթէ երբեք բիրտ ուժի դիմելը ընդհանրապէս նկատուած է իբր յանցանք կարգ մը երկիրներու օրէնքներուն կողմէ, նոյնն է պարագան, երբ բիրտ ուժի կը դիմուի` մեզ արգիլելով մեր հարցը լուծելու: Մեզ մղեցին գործածելու համար մեր ուժը: Եթէ մեզ կ’ուզեն դատապարտել, քանի որ մենք ուժ գործածեցինք, ուրեմն պէտք է նաեւ դատապարտել անոնց, որոնք մեզ մղեցին գործածելու այս բիրտ ուժը, Թուրքիան եւ միւսները: Հայկական հարցը գոյութիւն ունի եւ պէտք է անոր լուծում մը գտնել: Բոլոր կարելի միջոցները, որոնք այս հարցը լուծումի մը կրնային հասցնել, գիծ քաշուեցաւ: Միայն մնաց զինեալ պայքարի ուղին: Եթէ կ’ուզեն նոյնպէս արգիլել այս միջոցը, այն ժամանակ թող հայ ժողովուրդը քարտէսին վրայէն աւրեն: Ահա թէ ինչու հայ ժողովուրդը զինեալ պայքարը ընտրեց: Ահա թէ ինչու մարտնչող կազմակերպութիւնները ստեղծուեցան: Ահա թէ ինչու ընդունեցի առաքելութիւնս գործադրել: Ահա թէ ինչու ես` Արա-Ալեքսանտր Ենիգոմշուեանս, կը պատրաստէի երեք պայթուցիկ ռումբեր 1980-ի հոկտեմբերի 3-ի գիշերը: Բախտը, աւելի ճիշդը իմ սխալս ուզեց, որ ես չյաջողիմ առաքելութիւնս գործադրել: Բարոյականս բարձր է: Ես չեմ զղջացած այս ճամբան զատած ըլլալուս համար, քանի որ գիտեմ ինչու համար կը պայքարիմ: Մեծ համոզում ունիմ իմ դատիս հանդէպ: Միշտ ալ համոզուած եմ, որ զինեալ պայքարը կը մնայ կարեւորագոյն միջոցը վերատիրանալու համար մեր իրաւունքներուն: Ես գիտեմ` ով է թշնամիս: Ես կ’ուղղեմ զէնքս միայն այս թշնամիին դէմ: Գիտեմ` ինչու ես այնքան բաներ զոհեցի: Ես իմ պարտականութիւնս միայն ըրի: Հայ ժողովուրդը տուած է միլիոններով նահատակներ իր պատմութեան ընթացքին, ես առաջինը չեմ եւ վերջինն ալ պիտի չըլլամ: Մեր պայքարը տակաւին երկար պիտի շարունակուի: <<Հայաստան>>, ՀԱՀԳԲ-ի պաշտօնաթերթ, Բացառիկ, թիւ 6, ապրիլ, 1981թ.

Այս խորագրի վերջին նյութերը