Աշխարհ

26.09.2011 18:12


Սառեցնել-ապասառեցնելու առևտուրը

Սառեցնել-ապասառեցնելու առևտուրը

Թուրքիոյ նոր խորհրդարանի կազմութեամբ, երբ առկախ մնացած օրինագիծներն ու որոշումի նախագիծերը ըստ ընթացակարգի չեղեալ համարուեցան, աւելի ճիշդը՝ օրակարգէ դուրս բերուեցան, ազրպէյճանական լրատուամիջոցներն էին, որոնք չյաջողեցան պահել իրենց խանդավառութիւնը եւ «աւետեցին» հայ-թուրք արձանագրութիւններու չեղեալ համարումը։ Պարզ էր, որ 898 նախագիծերը, ըստ օրէնքի դուրս կու գային խորհրդարանի օրակարգէն. յատուկ առանձնացում չկար հայ-թուրք արձանագրութիւններուն պարագային։ Միշտ ըստ նոյն ընթացակարգին, կառավարութիւնը կամ պատգամաւորները կրնային վերստին օրակարգ դարձնել այդ օրինագիծերուն ամբողջութինը կամ անոնցմէ մաս մը։

Այժմ կը պատահի նախատեսուածը։ Թէեւ պէտք չէ բացարձակացնել , որ եղածը ընդհանուր ընթացակարգային երեւոյթ է եւ որեւէ ձեւով կարելի չէ կեդրոնանալ հայ-թուրք արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացի ապասառեցման նախադրեալներուն վրայ։

Չմոռնանք, որ Միացեալ նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Անգարայի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին արծարծելով թէ՛ ղարաբաղեան հիմնահարցը եւ թէ՛ հայ-թուրք յարաբերութիւնները, պահանջած էր աճապարել Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ, այս շրջածիրին մէջ՝ ըստ ոչ-պաշտօնական աղբիւրի, այսուհանդերձ մինչ այժմ չհերքուած տեղեկութիւններու համաձայն Անգարայի պաշտօնական վարչիներուն յիշեցնելով Թուրքիոյ եւ Միացեալ նահանգներու ունեցած «պարտք»ը Հայաստանին։ Օպամա-Էրտողան հանդիպումը եւս, անպայմանօրէն շրջանցած պէտք չէ ըլլայ հայ-թուրք յարաբերութիւններու խնդիրը. եւ եթէ պահենք պաշտօնական Ուաշինկթընի պահանջներու հետեւողականութիւնը, նախագահ Օպաման եւս միեւնոյն պահանջը պէտք է արծարծած ըլլայ Թուրքիոյ վարչապետին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին։

Լրատուութիւններուն մէջ տակաւին յայտնի չէ, որ օրակարգ վերադարձուած օրինագիծերու ամբողջական թղթծրարի՞ն մասին է խօսքը, թէ՞ անոնցմէ մէկ մասին։ Յամենայնդէպս յստակ է, որ միայն հայ-թուրք յարաբերութիւններու արձանագրութիւնները չեն, որ յատուկ որոշումով վերադարձած են խորհրդարանի օրակարգ։

Տակաւին. Թղթածրարի կամ անոր մէկ մասին վերադարձը խորհրդարան չի նշանակեր, որ շուտով Թուրքիոյ խորհրդարանը պիտի ձեռնարկէ համապատասխան քննարկումի եւ անկէ անմիջապէս ետք վաւերացումի։ Պահ մը սակայն կեդրոնանանք հայ-թուրք յարձանագրութիւններուն վրայ, տեսնելու համար, որ սառեցնել-ապասառեցնելու թրքական խաղը ձգձգումի, առեւտուրի, հայկական կողմին եւ միջազգային հանրութեան հետ  պարանաձգութիւններ սարքելու նոր դրսեւորմները կը կատարէ։

Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան վերանականգնման 20-ամեակի սփիւռքեան տօնակատարութիւններու շրջածիրին մէջ նախագահ Սարգսեան կը նշէր, որ Թուրքիան բացայայտեց իր դէմքը յաչս միջազգային հանրութեան։ Թուրքիոյ ինքնաբացայայտումը սակայն այնքան էական չի թուիր միջազգային հանրութեան կողմէ ճշդուելիք կեցուածքներուն համար։ Միջազգային հանրութիւնը անմիջականօրէն ներգրաւուած է այս գործընթացին, յաճախ պահանջներ կը ներկայացնէ, միացեալ նահանգներու ճամբով աճապարելու կոչեր կ՛ընէ, կը գիտակցի թէ ո՛վ եւ ինչո՛ւ նախապայմաններով կ՛արգելակէ յարաբերութիւններու բնականոնացմումը, այսուհանդերձ կը շարունակէ յորդորային քաղաքականութիւնը։

Պաշտօնական Երեւանը կ՛ուշանայ իր առնելիք քայլին մէջ։ Թրքական խաղը կը շարունակուի։ Երեւանը պէտք է անվաւեր յայտարարէ արձանագրութիւնները։ Անհապաղ։

Շահան Գանտահարեան

«Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր

Այս խորագրի վերջին նյութերը