Պահն է սթափվելու, մերժելու այս ազգադավ և հայրենակործան ընթացքը․ ՀՅԴ Լիբանանի «Զավարյան» ուսանողական միության հաղորդագրությունը
Հայաստանի ներկայ իշխանութեան օրով կը շարունակուի հայրենիքի մասնատումը: Արցախի Հանրապետութեան անկումէն եւ ամբողջական հայաթափումէն, հայաստանեան գերիշխան տարածքներ ազրպէյճանական ներխուժումէն ետք, այժմ սահմանազատման օրակարգին տակ հայրենի նոր տարածքներ զիջելու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն այս իշխանութիւնները:
Գոյաբանական վտանգի առջեւ կանգնած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Թշնամին չի խուսափիր իր նկրտումները բացայայտելէ` Սիւնիքի, Տաւուշի եւ Գեղարքունիքի ուղղութիւններով: Մինչ իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց զիջողական քաղաքականութիւնը, խաղաղութեան կեղծ օրակարգի անուան տակ:
Պահն է սթափելու, մերժելու այս ազգադաւ եւ հայրենակործան ընթացքը: Փրկելու հայրենիքը եւ վերականգնելու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին ու Արցախի ժողովուրդի բոլոր իրաւունքները:
Մենք հայրենիքէն տարածք չունինք զիջելու: Մենք տարածքներ ազատագրելու խնդիր ունինք ազգովին:
Համահայկական դիմադրութիւն ծաւալելու ժամն է անյետաձգելիօրէն: Պահն է, որ հեռանան հայրենիք զիջող այս իշխանութիւնները եւ պետութեան ղեկը ստանձնեն ազգային ուժերը, որպէսզի դուրս շպրտուին թշնամի զօրքերը Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ որպէսզի վերստին ազատագրուի Արցախը:
Ազգովին, միասնականօրէն կը յաջողինք հեռացնել այս իշխանութիւնները, ձախողցնել համաթուրանական ծրագիրը եւ փրկել հայրենիքը:

ՀՅԴ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ