Լրահոս

23.05.2012 22:49


Շահան Գանտահարեան. «Չիկագո չմեկնելու բուն շարժառիթը»

Շահան Գանտահարեան. «Չիկագո չմեկնելու բուն շարժառիթը»

ՆԱԹՈ-ի Շիքակոյի վեհաժողովին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին չմասնակցիլը տեղի կու տայ տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու: Պաշտօնական հիմնաւորումը այն է, որ ՆԱԹՈ-ի ձեւակերպումը կը հակասէ միջազգային ընտանիքին կողմէ համաձայնեցուած միջնորդական առաքելութեան ձեւաչափին` ԵԱՀԿ-ի որդեգրած սկզբունքներուն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, նման ձեւակերպում ոչ միայն կը հարուածէ Արցախի բանակցային գործընթացը, այլ նաեւ կը քաջալերէ Ատրպէյճանի զինուժի պիւտճէի ուռճացումը:

Հասկնալի է, որ այստեղ պաշտօնական Երեւանը կը դիմէ դիւանագիտական մարտավարական քայլի: Այսպիսով, կ՛ընդգծուի ՆԱԹՈ-ԵԱՀԿ կառոյցներու միջեւ հակասական երեւոյթ մը: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին չմասնակցիլը Շիքակոյի վեհաժողովին կամ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ՆԱԹՈ-ԵԱՀԿ կառոյցներու միջեւ երեւցած հակասութիւնը ցոյց տալը ի հարկէ չի յաջողիր վերաշարադրել այն ձեւակերպումը, որ իբրեւ փաստաթուղթ վերջնականացած է ՆԱԹՈ-ի վեհաժողովին մասնակիցներուն կողմէ:

Այս առիթով կը հնչեն հիմնաւորեալ քննադատութիւններ` մատրիտեան սկզբունքներուն յղում կատարելու կամ ինքնամեկուսացման քայլ առած ըլլալու առումներով: Նշենք, որ ՆԱԹՈ-ի նկատմամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ցարդ կը վարէր բնականոն յարաբերութիւններ, անհատական գործընկերութեան թէ ՆԱԹՈ-ի զօրավարժութիւններուն ընդգրկուելով եւ կամ ՆԱԹՈ-ի ձեռնարկած խաղաղապահ առաքելութիւններուն մասնակցելով: Աւելի՛ն. ՆԱԹՈ-ի պաշտօնական բանբերները քանի մը անգամ յայտարարած են, որ գոհ են Երեւանի հետ իրենց կառոյցին ծաւալած համագործակցութենէն եւ թէ համագործակցութեան յաւելեալ խորացում կախեալ է Երեւանի հայեցողութենէն: Մինչ, ՆԱԹՈ-ի անդամակցութեան համար անվերջ նկրտումներու մէջ եղող Վրաստանը կը շարունակէ ժխտական պատասխան ստանալ ՆԱԹՈ-ի ղեկավարութենէն:

Վրաստանի անդամակցութեան դիմումի մերժումը ՆԱԹՈ-ի կողմէ պարզ է, որ ռուսական կողմի նկատառումով է: Նոյնքան պարզ է, որ Հայաստանի հետ բնականոն յարաբերութիւններու պահպանումը եւ առկայ համագործակցութեան ձեւաչափերն ու տարողութիւնները ընկալելի համարելը կամ դրական գնահատական տալը նոյն ՆԱԹՈ-ի կողմէ դարձեալ ռուսական կողմի նկատմամբ ոչ հրահրիչ քայլեր առնելու մօտեցումներէն կը բխի: Ի վերջոյ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ իբրեւ ռուսական յենակէտ կ՛ընկալուի ՆԱԹՈ-ի կողմէ:


Հիմա արեւմտեան նոյն այդ ռազմական կառոյցին կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան գերադասումը` ազգային ինքնորոշման միջազգային իրաւունքի սկզբունքէն, անկախ անկէ, որ կ՛անտեսէ ԵԱՀԿ-ի որդեգրած արժեչափերը, խորքին մէջ կը հակասէ այս հարցին մէջ ռուսական գերակայ միջնորդութեան, որ քանի մը առիթներով խօսած է երկու սկզբունքներուն` տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի հաւասարազօրութեան մասին:

Ատրպէյճանամէտ դիրքորոշումը այս պարագային միայն հակահայկականութեամբ չի բացատրուիր ուրեմն:

Տեսքով ղարաբաղեան հարցն է վիճարկելի թեման, որուն համար ալ Շիքակօ չէ մեկնած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը: Բայց…

Հայկական դիւանագիտութիւնը բացակայած է այդ ձեւակերպումի մշակման գործընթացէն, ինչ որ պատասխանատուութեան կարեւոր բաժին կը բեռցնէ պաշտօնական Երեւանի ուսերուն, անկախ անկէ, որ նախագահին քայլը ճիշդ էր, թէ ոչ:

Մէկ կարեւոր հանգամանք կը մշուշապատէ իրականութիւնը: ՆԱԹՈ-ի վեհաժողովէն առաջ նախագահ Սարգսեան կը մեկնէր Մոսկուա, մասնակցելու Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան վեհաժողովին: Կը նկատուէր այնտեղ, որ Ռուսիա-Հայաստան միջնախագահական ձեւաչափով հանդիպում տեղի չէր ունենար: Մեկնաբանութիւնները կը կեդրոնանային Երեւանի արեւմտամէտ քաղաքականութիւն կիրարկելու երեւոյթին դիմաց ցոյց տրուող հակազդեցութեան վրայ:

Հիմա ալ Հարաւային Կովկասի նկատմամբ ռուսական գործօնը շրջանցող ձեւակերպումի մը փաստը:

Առիթ ու քայլ պէտք էր հաւանաբար այս իրողութիւնը շրջելու: Հակակշիռ քայլ առնելու. ՆԱԹՈ-ի նկատմամբ կեցուածք ցոյց տալու: Պահը լիարժէք պէտք է օգտագործուէր: Շիքակոն այդ պահն էր:

Շահան Գանտահարեան

«Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր

Այս խորագրի վերջին նյութերը