Հռոմի պապ Ֆրանցիսկոսն անդրադարձել է Հայոց ցեղասպանության հարցին
Մեծի տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Առաջինը Վատիկանում հանդիպել և առանձնազրույց է ունեցել Հռոմի պապ Ֆրանցիսկոսի հետ:
«Վեհափառ Հայրապետին եւ Սրբազան Պապին միջեւ տեղի ունեցած առանձին հանդիպումէն յետոյ, անոնք ուղղուեցան Վատիկանի մեծ սրահը, ուր զիրենք կը սպասէին Առաջնորդ Սրբազանները, կարտինալներ, եպիսկոպոսներ եւ Վեհափառին այցելութեան առիթով սփիւռքի գաղութներէն ժամանած բարերարներ ու ազգայիններ։
Բոլորին ներկայութեան խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ իր հայրապետութեան շրջանին այցելութիւն կու տայ յաջորդական երեք պապերուն` Յովհաննէս Պօղոս Պապին 1997-ին, Պենետիքթոս Պապին 2008-ին։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը յիշեց որ յատկապէս կիլիկեան շրջանէն սկսեալ յատուկ յարաբերութիւն ու սերտ գործակցութիւն եղած է հայ եկեղեցւոյ ու կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ։ Պատմական այս անդրադարձէն յետոյ, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը կեդրոնացուց տագնապներով ու մարտահրաւէրներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ միջ-եկեղեցական գործակցութեան կարեւորութեան վրայ։ Ան շեշտեց թէ հակառակ եկեղեցիներու դաւանական բաժանումներուն, անհրաժեշտ է միասին գործել ու միասնաբար դիմագրաւել մարդկութիւնը յուզող տագնապները։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց եկեղեցին ժողովուրդին տանելու Պապին աշխատանքը, յիշելով որ հայ եկեղեցին եղած է ժողովուրդին եկեղեցին ու Քրիստոսի ծառայական ներկայութիւնը ժողովուրդին կեանքին մէջ:
Իր խօսքի երկրորդ բաժնին մէջ Վեհափառը անդրադարձաւ հետեւեալ երկու կարեւոր հարցերուն.
Ա. Ան յիշեցուց Սրբազան Քահանայապետին թէ Միջին Արեւելքը լուրջ տագնապներէ կ’անցնի եւ անոնց հետեւանքները եկեղեցիներու կեանքին ու վկայութեան համար յաճախ մտահոգիչ են։ Հակառակ այս իրողութեան, ըսաւ Վեհափառը, եկեղեցիները կը մնան ամրօրէն կառչած Միջին Արեւելքին եւ հաւատարիմ իրենց քրիստոնէական վկայութեան ու քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն հանդէպ։
Բ. Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան։ Ան յիշեց 1915-ի Օսմանեան Թուրքիոյ ցեղասպանութեան հետեւանքները եւ Սփիւռքի կազմաւորումը։ Ան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը ոչ միայն մէկուկէս միլիոն նահատակ տուաւ, այլ կորսնցուց իր եկեղեցիները եւ մշակութային ու հոգեւոր արժէքները, հետեւաբար, ցեպասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը իւրաքանչիւր հայուն պահանջքն է։ Ապա Վեհափառը աւելցուց, որ հայ եկեղեցին որպէս մարդկային իրաւանց պաշտպանն ու ջատագովը, միշտ ինքզինք նոյնացուցած է իր ժողովուրդի արդար իրաւուքներուն հետ։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցնելէ յետոյ Ֆրանսիս Պապին թէ Սեպտեմբեր 1915-ին Պենետիքթ ԺԵ. Պապը Սուլթան Մոհամմատ Ե.-ին գրած նամակին մէջ դատապարտելով հայ ժողովուրդին դէմ կատարուող ցեղասպանութիւնը, կոչ ուղղած է վերջ տալու հայ ժողովուրդի ջարդերուն: Ան աւելցուց, որ մեր ժողովուրդի սպասումն է որ դուք եւս, յառաջիկայ տարի Ձեր զօրակցութիւնը յայտնէք մեր ժողովուրդին, որ վստահաբար կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ մեզի համար։
Ապա Ֆրանսիս Պապը իր խօսքը ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ առաջին անգամ ըլլալով հանդիպում կ’ունենայ Վեհափառ Հայրապետին հետ: Ան յիշեց, թէ Վեհափառ Հայրապետը երկար տարիներ գործօն մասնակցութիւն բերած է միջ-եկեղեցական շարժումին, յատկապէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու ծիրէն ներս: Սրբազան Քահայանապետը նաեւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Աստուածաբանական երկխօսութեան շրջագիծէն ներս գնահատանքով արտայայտուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բերած կարեւոր նպաստին:
Ֆրանսիս Պապը նաեւ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ յիշեց, որ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը լեցուն եղած է հալածանքներով եւ նահատակութեամբ: Պապը նաեւ յիշեց Քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները Միջին Արեւելքէն ներս եւ ողջունեց անոնց միասնականութիւնը եւ Միջին Արեւելքին կառչած մնալու հաւատարմութիւնը:
Երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ փոխանակուած խօսքերէն յետոյ, տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում: Վեհափառ հայրապետը Պապին նուիրեց Բարձրբերդի Աւետարանի կրկնօրինակը, իսկ Պապը, Վեհափառին նուիրեց Սուրբ Յովհաննու Աւետարանէն Պապիրոսի վրայ 14-րդ դարուն գրուած էջ մը: Ապա տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն, որուն աւարտին ներկայ ազգայինները մօտեցան եւ աջը առին Պապին ու Վեհափառին»։