Ամերիկայի Արևմտեան շրջանի երեք ազգային կուսակցութիւննրը՝ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան և Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնները հանդէս են եկել համատեղ յայտարարութեամբ՝ ՀՀ Նախագահի հոկտեմբերի 4-ին Լոս Անջելոս կատարելիք այցի առիթով, շեշտելով, որ թէև ներկայ են գտնուելու նախագահի հետ կայանալիք խորհրդակցական հանդիպման, որպէսզի ուղղակիօրէն նախագահին փոխանցեն Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններին արմատապէս հակադրուելու իրենց հիմնաւորումները, այնուամենայիւ որոշել են ներկայ չգտնուել ի պատիւ նախագահի նոյն օրը կազմակերպուած ճաշկերոյթին: Յայտարարութեան մէջ նշուած է՝ «ի տես նախագահի կողմից ազգավնաս փաստաթղթի տակ ստորագրելու անհասկանալի ու դատապարտելի աճապարանքի, չենք կարող մեր վիրաւորանքը չթաքցնել և մեր ժողովրդի համար սև թուականի նախօրէին չենք կարող մասնակցել ի պատիւ նախագահի կազմակերպուած հանդիսաւոր որևէ միջոցառման, որը միայն ու միայն նուիրագործում է մեր պատմութեան, մեր նահատակների յիշատակի, մեր ազգային արժանապատուութեան ու մեր հաւաքական համոզումների դէմ նետուած արհամարհանքը ու նսեմացնում է մեր ազգային պահանջատիրական պայքարը»։
Ստորև ներկայացնում ենք սոյն յայտարարութեան ամբողջական բնագիրը:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի սփիւռքեան կարևոր գաղթօճախներ այցելելու և Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման և զարգացման գծով նախաստորագրուած զոյգ արձանագրութիւններու կապակցութեամբ՝ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելու և խորհրդակցելու նախաձեռնութիւնը կը նկատենք ուշացած և առ այդ ժամանակավրէպ։
Ափսոս, նախագահը իր վարած արտաքին քաղաքականութեամբ ու մեր ազգային հիմնախնդիրներուն գծով որդեգրած պարտուողական մօտեցումներով վատնեց Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը նոր մակարդակներու բարձրացնելու և մեր ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու սքանչելի առիթը։
Նախագահի նախաձեռնութիւնը կրնար ողջունելի ըլլալ, եթէ այդ մէկը կատարուէր մեր ժողովուրդին համար ճակատագրական կարևորութիւն ներկայացնող վերոնշեալ զոյգ արձանագրութիւններուն նախաստորագրումէն առաջ, և ոչ թէ այդ գծով որոշում ու վճիռ կայացնելէ ետք միայն՝ բոլորովին ձևական բնոյթ տալով անոր ու զայն ծառայեցնելով քարոզչական նպատակներու, ինչ որ ծայր աստիճան վիրաւորական է համայն հայութեան համար:
Այսուամենայնիւ, յանուն մեր նահատակներուն և յանուն պատմութեան, մենք պարտաւոր կը զգանք ընդառաջելու մեր համայնքի կազմակերպութիւններուն հետ Կալային նախորդող՝ նախագահին ունենալիք խորհրդակցական հանդիպումին գծով՝ մեզի յղուած հրաւէրին, որպէսզի մեր խղճի պարտքը կատարենք ու այս հանդիպումին ընթացքին ուղղակիօրէն նախագահին փոխանցենք այդ արձանագրութիւններուն արմատապէս հակադրուելու մեր հիմնաւորումները։
Այս պայմաններուն տակ, ի տես նախագահին կողմէ ազգավնաս փաստաթուղթի մը տակ ստորագրելու անհասկնալի ու դատապարտելի աճապարանքին, մեր վիրաւորանքը չենք կրնար թաքցնել, և մեր ժողովուրդին համար սև թուականի մը նախօրէին չենք կրնար մասնակցիլ ի պատիւ նախագահին կազմակերպուած հանդիսաւոր որևէ միջոցառման, որ միայն ու միայն կը նուիրագործէ մեր պատմութեան, մեր նահատակներու յիշատակին, մեր ազգային արժանապատուութեան ու մեր հաւաքական համոզումներու դէմ նետուած արհամարհանքը, ու կը նսեմացնէ մեր ազգային պահանջատիրական պայքարը։
Առ, այդ, խոր ցաւով է որ կը յայտարարենք, թէ չենք կրնար ընդառաջել այս առիթով Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուած Կալային ներկայ ըլլալու հրաւէրին:
ՍԴՀԿ, ՀՅԴ և ՌԱԿ հայտարարությունը

Ազգային Երեք Կուսակցութիւններու Յայտարարութիւնը՝ ՀՀ Նախագահի Լոս Անճելըս Այցելութեան Առիթով

ՍԴՀԿ Արևմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին
ՀՅԴ Արևմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ
ՌԱԿ Արևմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն