Լրահոս

06.10.2009 15:23


Աթենքում տեղի է ունեցել քաղաքական հավաք ընդդեմ հայ-թուրքական արձանագրությունների

Երէկ Եր­կու­շաբ­թի 5 Հոկ­տեմ­բե­րի ե­րեկո­յեան Գո­քի­նիոյ «Զա­ւա­րեան» ա­կում­բի «Զա­քա­րեան-Սա­րա­ճեան» սրահ­նե­րէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած քա­ղա­քա­կան հա­ւա­քը: Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի Սփիւռ­քեան շըր­ջապ­տոյ­տի  այս օ­րե­րուն, յու­նա­հա­յու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ հա­մախմ­բուե­ցան ի­րենց կտ­րուկ «ո՛չ»–ը լսե­լի դարձ­նե­լու Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ մեր­ժե­լու փրո­թո­քոլ­նե­րու ստո­րագ­րու­թեան ամ­բողջ գոր­ծըն­թա­ցը:

Հա­ւա­քին ներ­կայ գտ­նուե­ցան Յու­նաս­տա­նի թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ Տ. Խո­րէն եպս. Տող­րա­մա­ճեա­նը, հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի վե­րա­պա­տուե­լի Վի­գէն Չո­լա­քեա­նը, հայ կա­թո­ղի­կէ ժո­ղովր­դա­պետ Տ. Ռա­փա­յէլ քհ­նյ. Շե­ֆի­քեա­նը, Գո­քի­նիոյ, Ա­թէն­քի եւ Նէոս Գոզ­մո­սի հո­գե­ւոր հայ­րե­րը, Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան, միու­թիւն­նե­րու Շր­ջա­նա­յին եւ տե­ղա­կան վար­չու­թեանց, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ պա­տա­նե­կան միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:

Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի Փա­րիզ այ­ցե­լու­թեան, հոն կա­յա­ցած խոր­հր­դա­ժո­ղո­վին եւ փա­րի­զա­հա­յու­թեան ցոյ­ցին մա­սին ամ­փոփ զե­կոյ­ցով մը հան­դէս ե­կաւ ընկ. Ա­րաք­սի Ա­բէ­լեան-Գո­լա­նեան, որ յայտ­նեց թէ յու­նա­հա­յու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւս մաս­նակ­ցե­լով Փա­րի­զի մէջ խոր­հր­դա­ժո­ղո­վին,  հա­մայն­քի վր­դո­վումն ու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցած են ՀՀ նա­խա­գա­հին՝ հայ-թր­քա­կան փրո­թո­քոլ­նե­րու ստո­րագ­րու­թեան հար­ցով: Ան ա­ւել­ցուց, թէ հա­յու­թեան կե­ցուած­քը կը մնայ հաս­տատ, բո­ղո­քի ե­լոյթ­նե­րու կազ­մա­կեր­պում­նե­րով, ՀՀ նա­խա­գա­հի ժա­մա­նած գա­ղութ­նե­րէն ներս:

Ա­պա խօս­քը փո­խան­ցեց օ­րուայ բա­նա­խօս ընկ. Ա­րա Ման­կո­յեա­նի, որ ման­րա­մաս­նօ­րէն բա­ցատ­րեց հայ-թր­քա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ տեղ գտած ազ­գավ­նաս դրոյթ­նե­րը, ա­նոնց մի­ջո­ցով հե­տա-պն­դուող թր­քա­կան եւ ա­զե­րիա­կան նպա­տակ­նե­րու վտանգ­նե­րը: Բա­նա­խօ­սը կոչ ուղ­ղեց գի­տակ­ցե­լու հա­մազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պա­նու­թեան ու միա­կամ կե­ցուած­քով մեր­ժո­ղա­կան կե­ցուածք դր­սե­ւո­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան (խօս­քը կար­դալ ա­ռան­ձին): Ա­պա, Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Գէորգ Գո­լա­նեան կոչ ուղ­ղեց բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու ստո­րագ­րա­հա­ւա­քին, ըն­դար­ձա­կե­լով աշ­խա­տան­քը հայ­կա­կան բո­լոր ըն­տա­նիք­նե­րուն մօտ, որ­պէս­զի ազ­դու եւ վըճ­ռա­կա­մօ­րէն յու­նա­հա­յու­թեան մեր­ժու­մի ձայ­նը լսե­լի դառ­նայ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն:

Հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը ձեռ­նար­կէն ա­ռաջ եւ վերջ մօ­տե­նա­լով ստո­րագ­րա­հա­ւա­քի պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կեր­նե­րուն, ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին ար­շա­ւին, ստո­րագ­րե­լով հա­յավ­նաս փրո­թո­քոլ­նե­րուն դէմ:

Հ.Յ.Դ. Հու­նաս­տա­նի Կետրո­նա­կան Կո­մի­տե

Այս խորագրի վերջին նյութերը